Բազմազան Արեւելքներ

Բազմազան Արեւելքներ

Tigrane Yegavian
ประเทศ สหรัฐอเมริกา
แนวเพลง Society & Culture, History
ภาษา HY
จำนวนตอน 9
ล่าสุด 11.05.2026

Արեւելքի քրիստոնեաներու հիմնարկին փոտքասթը<hr><p style='color:grey; font-size:0.75em;'> Hosted on Acast. See <a style='color:grey;' target='_blank' rel='noopener noreferrer' href='https://acast.com/privacy'>acast.com/privacy</a> for more information.</p>

ตอน

  • Խաչիկ Թէօլէօլեան. Սփիւռքի տեսաբանը արդի ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներուն առջեւ 11.05.2026 52นาที
    Հայ սփիւռքի ամէնէն նշանաւոր տեսաբաններէն մէկը՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան կը ներկայացնէ իր կեանքի ճանապարհը եւ կը բաժնէ իր վերլուծութիւնները հայ անդրազգի ներկայ վիճակին մասին։ Այս զրոյցին մէջ ան կ՚անդրադառնայ արդի ժամանակաշրջանի ամէնէն հրատապ հարցերուն՝ Արցախի կորուստէն մինչեւ պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններուն։ Այս հազուագիւտ առիթ մըն է լսելու այն սփիւռքագէտին, որ քառասուն տարիներէ աւելի նուիրած է սփիւռքի ուսումնասիրութեան։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
  • Հայագիտութիւնը Ժամանակակիցութեան Դիմաց 08.04.2026 47นาที
    Անահիտ Տօնապետեան-Տէմոփուլոս 1991 թուականէն ի վեր ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի հայագիտական բաժինի պատասխանատու է։ Իբրեւ արեւմտահայերէնի մասնագէտ լեզուաբան` ան իր կեանքը նուիրած է սփիւռքի մէջ վտանգուած այս լեզուին պահպանութեան եւ փոխանցման։ Հիմնադրած է Հայագիտական Միջազգային Մագիստրոսի ծրագիրը (IMAS) եւ ստեղծած է արդի գործիքներ՝ բառարաններ, քերականական ուղեցոյցներ, թուային տուեալներու հարթակներ։ Համալսարանի հայագիտական բաժինը վերածած է արեւմտահայերէնի ապաստարանի՝ ապացուցելով, որ տարածք չունեցող լեզու մը կրնայ ապրիլ գիտութեան եւ կրթական հաստատութիւններու միջոցով։Մագիստրոսի ծրագիրին մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելել այս կայքէջը.&nbsp; https://www.inalco.fr/formations/master-international-en-etudes-armeniennes-distance Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
  • Եկեղեցի եւ իշխանութիւն՝ Հրաչ Չիլինկիրեանի վերլուծութեամբ 04.04.2026 34นาที
    Հասարակագէտ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մասնագէտ Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ խոր զրոյց մը՝ Եկեղեցւոյ վարչակարգին մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Արեւմուտքի աշխարհականացման ծիրէն ներս, ինչպէ՞ս կը վերափոխուի Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Ի՞նչ են Հայաստանի պետութեան եւ Մայր Սուրբ Աթոռ Էջմիածնի միջեւ եղած լարուածութիւններուն ազդեցութիւնները սփիւռքեան համայնքներուն վրայ։ Վերլուծութիւն մը՝ Հայ եկեղեցւոյ ներկային եւ ապագային մասին։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
  • «MIASIN» հարթակը եւ թուային սփիւռքը 12.03.2026 43นาที
    Զրոյց Վարդան Գաբրիէլեանի հետ, համահայկական թուային «Miasin» հարթակի հիմնադիր։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
  • Հայագիտութիւնը երէկ եւ այսօր 27.02.2026 52นาที
    Հայագէտ Զաւէն Եկաւեան 28 տարի շարունակ ղեկավարած է Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը։ Անոր փորձառութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ ունեցած սերտ կապերով, ինչպէս նաեւ իր անձնական ապրումները, զինք կը դարձնեն հայագիտութեան պատմութեան էական վկայ։ Անոր հետ միասին կը վերարժեւորենք պատմութեան էջերը՝ աւելի լաւ ըմբռնելու համար այս ոլորտին առնչուող անցեալի եւ արդի մարտահրաւէրները։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
  • Արժանթինահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը 22.02.2026 35นาที
    Խաչիկ Տէր Ղուկասեան արժանթինահայ մտաւորական եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է։ Ան կը բաժնէ իր վերլուծութիւնը արժանթինահայ համայնքին իրավիճակին եւ դիմագրաւած&nbsp;մարտահրաւէրներուն մասին, նկատի առնելով, որ սփիւռքը կ՚ենթարկուի արագ փոփոխութիւններու։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
  • ի՞նչ կը նշանակէ այսօր «Արցախի հարց» ը՝ 10.02.2026 42นาที
    Արցախը կորսնցուցած է իր տարածքը, բայց արդեօ՞ք իր քաղաքական գոյութիւնը եւ իր հարցը փակուած են։&nbsp;Զրոյց Յովհաննէս Գէորգեանի հետ, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
  • Ի՞նչ դեր եւ ի՞նչ վկայութիւն ունի Հայ Առաքելական Եկեղեցին սփիւռքեան կեանքին մէջ։ 04.02.2026 35นาที
    Ծայրագոյն վարդապետ Հայր Պարոյր Շէրնէզեան Լիբանանի Պիքֆայա Հայ Առաքելական Դպրեւանքի վերատեսուչն է։ Այս երիտասարդ հոգեւորականը կը վկայէ իր առաքելութեան եւ յանձնառութեան մասին՝ նուիրուած հաւատքի փոխանցմանն ու էկումենիզմին՝ արագ փոփոխուող աշխարհի մը մէջ։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.
  • ինչպէս՞ կը փոխուի սփիւռքը 04.02.2026 34นาที
    Նորա Սարաֆեան-Թաչճեան լիբանանահայ կրթական մշակ մըն է, որ երկար տարիներ ներգրաւուած եղած է սփիւռքահայ կրթութեան, մշակոյթի եւ փոխանցման հարցերուն մէջ։ Լիբանանի հայ կրթական միջավայրէն եկած՝ ան այսօր կը ղեկավարէ Ալֆորվիլի Հայ Մշակութային Տունը եւ կը հանդիսանայ Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակութային կեանքի ակտիւ դերակատար։ Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

ยอดนิยมใน

พอดแคสต์นี้ปรากฏในชาร์ตพอดแคสต์ของประเทศเหล่านี้ด้วย