Եկէք անկեղծ խօսինք

Եկէք անկեղծ խօսինք

Սագօ Արեան
Країна Сполучені Штати
Мова HY
Епізодів 68
Останній 20.09.2026

«Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէն փոդքասթ մըն է, որ կը վարէ Սագօ Արեան: Ան ամէն յայտագիրի մէջ հիւրերը կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր մշակութային եւ հասարակական գործիչներ՝ խորաթափանց զրոյցներու համար: Ունկնդիրները պիտի ծանօթանան հայ համայնքներու հարուստ ժառանգութեան, մշակութային եւ արդիական խնդիրներուն: Այս ձայնային ճամբորդութիւնը կը յիշեցնէ ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան:

Епізоди

  • Արման Antic Մարգարեան - Ինչպէ՞ս Խնդացնել Հարիւրները, «Հայկական Ցաւեր» | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #70 20.09.2026 1год 11хв
    🎭 Կատակերգութեան եւ երաժշտութեան միջեւ. Ինչո՞ւ Անթիք սկզբնական շրջանին լուրջ չէր վերաբերեր կատակերգութեամբ զբաղելու քրոջ խորհուրդներուն։ 🌴 «Դրախտի երկիր» Լոս Անճելըս. Ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ ԱՄՆ եւ ինչպէ՞ս փոխուեցաւ իր կեանքը։ 🏫 Public School-ի տարիներն ու ինքնապաշտպանութիւնը. Դպրոցական կռիւները, ինքնահաստատման խնդիրները եւ տարբերութիւնը Կլենտէլի միջավայրէն։ 📱 Ընկերային ցանցերու ճնշումը. Երբ կը հասկնաս, որ այլեւս քեզի համար չես ապրիր, այլ հետեւորդները (follower-ները) զբաղեցնելու համար։ 💔 Ցաւալի կորուստ. Ընկերոջ անժամանակ հեռանալը կեանքէն։ 🇦🇲 Հայաստան գալն ու վերալիցքաւորուիլը. Ինչպէ՞ս Հայաստանը ոյժ կու տայ, եւ ի՞նչ պատահեցաւ գալէն մէկ շաբաթ ետք։ 😄 Կատակով ու հումորով. Ի՞նչ կարելի է «տանիլ» Հայաստանէն ԱՄՆ։ 🔴 Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք ԱՄՆ ապրող կատակերգակ, դերասան, բեմագիր Արման «Անթիք» Մարգարեանին հետ։
  • Ռաֆֆի Ջանեցեան - Տղամարդու Առողջութիւն, Բժշկութիւն, Հայկական Կարծրատիպեր | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #69 06.09.2026 1год 7хв
    🇦🇲1990 Հոկտեմբեր 6-ին առաջին անգամ Հայաստան այցելելէ ետք հայրենիքի մէջ վերջնականապէս ապրելու որոշումը:💰Արդեօ՞ք դրամով կարելի է առողջութիւն գնել, թէ՞ դրամը միայն կ՛օգնէ լաւագոյն բժիշկներուն դիմելու:🤖Ի՞նչ դեր ունի արհեստական բանականութիւնը ախտորոշման մէջ, եւ որո՞նք են վտանգները:🇦🇲Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միախառնումը որպէս բնական եւ անխուսափելի գործընթաց:🥂Ո՞րն է ոգելից խմիչքի չափաւոր օգտագործման եւ առողջ ապրելակերպի ճիշդ սահմանը:🇦🇲Հայաստանի մէջ սեռային կեանքի վերաբերեալ տարածուած թիւրիմացութիւններն ու ատոնց սրբագրումը:💪Առողջութեամբ զբաղելու անհրաժեշտութիւնը ծննդեան օրէն մինչեւ կեանքի վերջ՝ կարեւորելով ոչ թէ միայն ապրած տարիներու քանակը, այլեւ որակն ու առողջ ապրիլը:Ո՞վ է մեղաւոր առկայ պարտութիւններուն մէջ, եւ ինչպէ՞ս դժուարութիւնները վերածել ինքնաքննադատութեան, վերագնահատման ու վերաիմաստաւորման առիթի:Ի՞նչ լուծում ունի վերջին 35 տարիներու ժողովրդագրական տեղապտոյտը, եւ ինչո՞ւ հայերը պէտք է հաւաքուին ու ապրին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք տղամարդոց առողջութեան մասնագէտ, միզասեռախտաբան, հանրային գործիչ Ռաֆֆի Ջանեցեանի հետ։
  • Ալին Պզտիկեան - ԱՄՆ - Հայաստան, Արեւմտահայերէն, Մանկագրութիւն, Կրթութիւն| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #68 30.08.2026 1год
    🇦🇲Հայաստանի մասին լուրերն իրակա՞ն են, թէ՞ երկիրն է փոխուած։🇺🇸🇦🇲Լոս Անճելըսը Հայաստա՞ն է, թէ՞ Հայաստանն իր տեղն է ու հոն չէ փոխադրուած։👨‍🏫Ներշնչող ուսուցիչը. ի՞նչ ներշնչումներ ձգած է Մուշեղ Իշխանը։🇺🇸🇦🇲ԱՄՆ-ի հայկական դպրոցներու խնդիրները. վաղ տարիքի մանկական գրականութիւնն ընդդէմ թուային սարքերո՞ւ։🧩Սեղանի հայերէն խաղերու նշանակութիւնը Սփիւռքի մէջ։Արեւմտահայերէնը «հաց կը կերցնէ՞». անցեալին եւ ներկայիս անոր դերը։🇦🇲Արեւմտահայկական դպրոցն անհրաժե՞շտ է Հայաստանի մէջ։⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք մանկագիր, մանկավարժ՝ Ալին Պզտիկեանի հետ։
  • Ժոզէֆ Գրիգորեան - Փոլ Պաղտատլեանի հետ ընկերութիւնը, Երգ, Սփիւռք, Լիբանան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #67 23.08.2026 1год 8хв
    🇦🇲«Սիրահարուած եմ Հայաստանին»․ Ժոզէֆ Գրիգորեանը՝ Հայաստան այցելելու եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած սիրոյ մասին:🇺🇸🇱🇧Առաջին քայլերն ԱՄՆ-ի մէջ . 1995 թուականին ԱՄՆ մեկնելու, առաջին փորձառութեան եւ ամերիկեան կեանքի առաջին տպաւորութիւններուն մասին:💬Փօլ Պաղտատլեանի հետ ընկերութիւնը. Ո՞վ էր Փօլ Պաղտատլեանը իրականութեան մէջ, ինչպէ՞ս զինք կ՚ընկալէին մարդիկ եւ ինչպիսի՞ն էր ան որպէս անհատականութիւն ու ընկեր:Ինչո՞ւ կարեւոր է արուեստագէտն ու մարդը գնահատել իր կենդանութեան օրօք:🇱🇧🇸🇾🇦🇲Սփիւռքի տարբեր համայնքներու (Լիբանան, Հալէպ, Իրան եւ այլն) եւ Հայաստանի հանդիսատեսին քաջալերանքն ու սէրը, որ ստեղծագործական ուժ կու տան:🎙«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի ընթացքին լիբանանեան ծագումով ամերիկաբնակ երգիչ Ժոզէֆ Գրիգորեան կը պատմէ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ իր կեանքէն եւ գործունէութենէն։
  • Լեւոն Աֆէյեան - Յաջողութեան Գաղտնիք, Գանատահայութիւն Եւ Հայու Ինքնութիւն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #66 10.08.2026 49хв
    🇦🇲Սփիւռքահայի ինքնութեան «ոսկիէ օրէնքը». Ինչպէ՞ս չկորսնցել ինքնութիւնն օտարութեան մէջ:Ինչո՞ւ սփիւռքի մէջ ապրող հայը յարատեւ տագնապի մէջ է՝ «ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը» մտահոգութեամբ։ 🇦🇲🇨🇦🇱🇧Հինգ սերունդ, հինգ երկիր. Մէկ ընտանիքի պատմութիւն։Մեր մայր բնութիւնը կարծես արգիլած է, որ հայրերը եւ զաւակները երկու սերունդ միասին մնան նոյն տեղը։Ունինք մեր երազած անկախ պետականութիւնը, բայց ի՞նչ է այսօրուան մեր հաւաքական նպատակը։Միասնականութեան վախը. Ինչո՞ւ մեր կառոյցները կը վախնան իսկական միասնականութենէ. «Միասնականութիւնը չի նշանակեր մէկ ըլլալ, այլ՝ միասին քալել»։⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի հիւրը քանատաբնակ գործարար, ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէյեանն է։
  • Վահէ Պէրպէրեան - Ո՞վ է Հայը․ Հայաստան, Պատերազմ, Կարօտ, Բեմ, Ծիծաղ | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #65 26.07.2026 56хв
    🔴Վիդեօ տարբերակը՝ YouTube -ի վրայ (Arevelkam)🇱🇧🇺🇸 🎭 Պէյրութի փողոցներէն մինչեւ Լոս Անճելըսի բեմերը․ ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ հայ, արուեստագէտ եւ պէյրութահայ։🇦🇲 «Աստուած կատակ չի՞ սիրեր»․ ի՞նչ է հայկական հումորի գաղտնիքը եւ ինչպէ՞ս ծիծաղն ու արուեստը կը փրկեն հոգին։🎭 Թատրոնի կրակն ու հայ-հայուն վէճերը․ արդեօ՞ք բեմի վրայ «բենզին կը թափուի կրակին վրայ», թէ՞ խօսքը ինքնութիւնը պահելու մասին է։💭 Հոգեկան խոցերու մէջ ապրող ժողովուրդն ու ապրելու կիրքը․ ի՞նչը կը ստիպէ հայուն միշտ ուրախանալու առիթ փնտռել։🇱🇧🇺🇸 Պէյրութեան պատերազմի յուշերն ու 15 տարուան կարօտը․ իրականութիւն դարձա՞ւ արդեօք վերադարձի յոյսը։⭕️ Այս եւ բազմաթիւ այլ հետաքրքրական թեմաներու շուրջ «Եկէք Անկեղծ Խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք նշանաւոր արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի հետ։
  • Razi J (Ռազմիկ Ճուլֆայեան) - Ինքնութիւն, Երաժշտութիւն, Սփիւռքահայ Երգարուեստ| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #64 11.07.2026 1год 4хв
    ⛪️🎵Մանկութեան սէրը եկեղեցիին հանդէպ․ ինչպէ՞ս եկեղեցին դարձաւ իր «կեանքի դպրոցը»։🇱🇧🇦🇲Պուրճ Համուտը որպէս «փոքր Հայաստան»․ ինչպիսի՞ն էր հայկական միջավայրը, ուր ան մեծցած է։🎤 Արաբերէնէն հայերէն երգեցողութեան անցնիլը․ ո՞ր արուեստագէտի խօսքը փոխեց իր ամբողջ ընթացքը։🎙 Իսկական արուեստագէտի յատկանիշները․ ինչո՞ւ բաւարար չէ միայն մօր գովասանքը, եւ ի՞նչ պէտք է գիտնայ բեմին վրայ։💻 Համացանցի դաժանութիւնն ու սուտ լուրերը․ ինչպէ՞ս իր մահուան մասին տարածուած լուրը ցաւ պատճառեց մօրը։❤️ Իրար սիրելու եւ աջակցելու կարեւորութիւնը․ ինչո՞ւ հայերը պէտք է միասնական ըլլան, քանի որ թիւով քիչ են։⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան «Եկէք անկեղծ խօսինք» փոթքասթին հիւրընկալած է երգիչ, մշակութային, համայնքային գործիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեանին (Razi J):
  • Մարալ Տէյիրմենճեան - Հայաստանի Վիճակ, Լիբանանահայ Գաղութ Եւ Կրթական Կեանք - Եկէք Անկեղծ Խօսինք #63 29.06.2026 48хв
    🇦🇲Հայաստանը երէկ եւ այսօր.Փոփոխութիւններ եւ տարբերութիւններ։Անցեալին տխուր երկիր էր Հայաստանը, իսկ այսօր՝ ուրախ։Մեր հիւրը՝ Մարալ Տէյիրմենճեանը, ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ կրթական ոլորտին մէջ։🇱🇧Ի՞նչ էին Լիբանանին տրուած «նուէրները»:Պէյրութի մեծ պայթումը ամենասոսակալին էր: Ի՞նչ վնասներ կրեցին Լիբանանի հայկական դպրոցները եւ ի՞նչ պայմաններու տակ դարձեալ ոտքի կանգնեցան։ 🇦🇲🇱🇧Լիբանանեան մեծագոյն խնդիրը ի՞նչ է այսօր, եւ ի՞նչ են հնարաւորութիւնները։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ կրթական մշակ, Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն Վարժարանի (Էշրէֆիէ) տնօրէնուհի՝ Մարալ Տէյիրմենճեանի հետ։
  • Մկրտիչ Սէրթշիմշէք - Խաչեր, Էրտողանի այցը Ազգային Հիւանդանոց,Պոլսահայութուն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #62 03.05.2026 53хв
    🇦🇲🇹🇷«Ես Հայաստանի վիրուսը առած եմ». պոլսահայ գործչի խոստովանութիւնը«Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն ձեռքս մեկնած եմ եւ աշխարհի չորս կողմը շատ մը եկեղեցիներու օժանդակած եմ. սիրով կ՚ընեմ»։🇦🇲🇹🇷Ինչպէ՞ս կ՚ապրին հայերը Պոլսոյ մէջ։Հայաստանի հայութեան ապագան՝ դուրսի դիտողի աչքերով։⭕️«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ իր գործունէութեան եւ հայ-թրքական կապերու մասին կը պատմէ համայնքային գործիչ, եկեղեցական սպասքներու ստեղծարար մասնագէտ, քիմիագէտ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք։
  • Մովսէս Ֆաքճեան - Հալէպի Նոր Գիւղ, Պիքֆայայի Դպրեվանք, Թատրոն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #61 05.04.2026 47хв
    Մերձաւոր Արեւելքի անցեալի կեանքը։Յիշողութիւններ, պատմութիւններ, հետաքրքրական դրուագներ անցեալէն։🇦🇲🇸🇾Ինչո՞ւ սուրիահայութիւնը չկարողացաւ այստեղ ստեղծել իր կեանքը։⭕️Այս եւ այլ հարցերու մասին «Անկեղծ զրոյց»-ի տաղաւարին մէջ կը պատմէ համայնքային գործիչ, դերասան՝ Մովսես Ֆաքճեան։
  • Սիպիլ - Երգարուեստ, Դժուար Ճամբայ Եւ Պոլսահայ Համայնք | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #60 22.02.2026 46хв
    🇹🇷🎵Թուրքիոյ մէջ երգելու մասին. Դժուա՞ր, թէ՞ դիւրին ընտրանք։ 🇦🇲Նպատակը միայն հայերէն երգել էր։ 🌌«Երկինք նայեցայ եւ Աստուծմէ բան մը խնդրեցի». ի՞նչ էր խնդրանքը։ «Երջանկութեան արցունքներ»ը եւ Սիպիլը. Ի՞նչ առընչութիւն կայ։ 🇹🇷🇦🇲Սուպէր Սաքոյի երգերը Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ, ինչպէ՞ս պատահեցաւ։ Առաջին անգամ ո՞վ ուրախութիւն պատճառեց Սիպիլին եւ իր առաջին սկաւառակը տարածեց Թուրքիոյ տասնեակ քաղաքներու մէջ։🔴Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է պոլսահայ հանրայայտ երգչուհի՝ Սիպիլին հետ։
  • Լեզու, Սփիւռք, Բանաստեղծութիւն, Արեւմտահայերէն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #59 Խաչիկ-Տէր Ղուկասեան 07.02.2026 54хв
    📝Գրել. Ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ինչո՞ւ։Լաւ յօդուածը բանավէճ պէտք է ստեղծէ. ինչո՞ւ🇦🇲Մաքրամաքուր հայերէնը ապրեցնող է՞, թէ՞ վանող։ Ո՞ր պարագային գրողները «աղանդի» մը կը վերածուին։Արեւմտահայերէնին կեանք տալը կը շարունակէ մարտահրաւէր մնալ. ինչո՞ւ։⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է արժանթինաբնակ (արմատներով՝ Լիբանանէն) բանաստեղծ եւ հրապարակախօս Խաչիկ-Տէր Ղուկասեանին հետ։
  • Հայու ինքնութիւն, Հայ մամուլ, Եգիպտահայութիւն, Լրագրութիւն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #58 Թովմաս Գորգիսեան 17.01.2026 35хв
    Ի՞նչ կը նշանակէ երկու գաղթավայր ունենալ: 🇪🇬Եգիպտացի՞, թէ՞ արաբ, ի՞նչ են տարբերութիւնները։ Ի՞նչ պատճառով մեր հիւրին հետ յիշեցինք ՀՀ Ազգային հերոս Մովսէս Գորգիսեանը։ 🇪🇬🇦🇲Եգիպտահայ համայնքի խնդիրներն ու դժուարութիւնները։Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներուն մասին. մեծ հաշուով պատկերը՝ մոխրագոյն է։Ովքե՞ր են այն երկու խոշոր գործիչները, որոնք այցելած են թէ՛ Գահիրէ թէ’ Աղեքսանդրիա։🇦🇲📰Հայ մամուլի ըրածը այսօր recycling չէ՞ արդեօք, եւ ի՞նչ ըսել է «տաքցուր փակցուր»։⭕️Այս հարցերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է լրագրող, հրապարակախօս Թովմաս Գորգիսեանին հետ
  • Կիպրահայութիւն, Մասոններ, Մելգոնեան Վարժարան , Եկեղեցի | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #57 | Անդրանիկ Աշճեան 28.12.2025 1год
    Քանի՞ տեսակ հայրենիք կայ եւ ինչո՞ւ Երկուութիւնը ի վերջոյ խանգարող հանգամանք է 🇨🇾🇦🇲Ինչի՞ կարիք ունի կիպրահայութիւնըՍփիւռքի կարեւորագոյն խնդիրը ո՞րն է Ի՞նչ ըսել է «լոյս տեսնել» «Ազատ որմանդիրներ»ը եւ դաւադրապաշտութիւնը. առնչութիւններ կա՞ն Ի՞նչ ըսած է ՀԲԸՄ-ի երեւելի առաջնորդներէն՝ Ալեք Մանուկեանը Կիպրոսի «Մելգոնեան» վարժարանին մասին։⛪️Եկեղեցին ի՞նչ է մեր հիւրին համար։ 🇦🇲Ո՞ւր է հայը եւ ինչպիսի՞ն է ան ի վերջոյ։⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է կիպրահայ համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանին հետ
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #56 | Սէրուժ Պաղտասարեան (C-rouge) | Ինքնութիւն, Հայկական Ոգի, Երաժշտութիւն 07.12.2025 42хв
    🎼Զգացումներ, ուժ եւ ոգի… Ինչի՞ մասին է իր երաժշտութիւնը։🇦🇲Երեւանի մէջ տրուած համերգը կը խօսէր նոր ձայնի մը մասին։🇱🇧Պէյրութը այլ միջավայր է, հանգստութիւն կու տայ։🇦🇲Ինչո՞ւ Հայաստան գալ, ի՞նչ պատճառներով եւ ի՞նչ պայմաններու տակ։🎵🇦🇲Ո՞րն է իրական հայ երգը եւ ի՞նչ յատկանիշներ պէտք է՝ զայն որպէս հայ երգ ներկայացնելու համար։Մեր հիւրին պատգամը՝ «Սիրեցէ’ք հայ եւ մնացէ’ք» հայ։⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան անկեղծ զրոյց մը ունեցած է. լիբանանահայ երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեանին հետ։
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #55 | Արա Սանճեան. Պատմութիւն, Հայու Ինքնութիւն, Կրթութեան Կարեւորութիւն 17.11.2025 1год 6хв
    🇦🇲Ջանք կայ՝ Հայաստանի պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու։Նոր չեն պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու փորձերը։ Շատ մը պարագաներու այսօր տեղի ունեցող դէպքերը կը փոխառընչենք անցեալի դէպքերուն։Պապ Թագաւորի օրինակը եւ Փաշինեան-Գարեգին Բ. լարուածութիւնը ուղղիղ կապ մը չունին, բայց հասարակութիւնը միշտ կը փորձէ կառչիլ անցեալի պատմութենէն եւ անցեալի դէպքերէն։Պատմութիւնն ի վերջոյ ի՞նչ է մեր հիւրին համար։ Հայաստանի մասին մեծ-մեծ խօսիլը կամ անցեալը յիշատակելը ոչ այնքան դրական է, քան՝ բարձր մակարդակի կրթութեան տիրացած ըլլալը։⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է պատմաբան, համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Արա Սանճեանին հետ։
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #54 | Սօսէ Ալեքսա Գրիգորեան. Արեւմտահայերէն, Երուսաղէմ, Հայութեան Ապրած Տագնապներ 08.11.2025 1год 1хв
    🎥Մեր հիւրն ի՞նչ պայմաններու տակ սկսաւ տեսանիւթեր արձանագրել։Ի՞նչ էր հիմնական նպատակը։ 🇦🇲Հայաստանը ի՞նչ փոխած է իր մէջ։Մեծ թիւով հայաստանցի օգտատէրեր ի՞նչ կարծիք յայտնած են անոր պատրաստած տեսանիւթիւներուն մասին։✈Օդանաւը ինչպէ’ս եւ ո’վ «հանած է», ինչի՞ մասին է խօսքը։🇦🇲🇮🇱Երուսաղէմի հայութեան ապագային մասին։Որո՞ւ կարիքն ունինք այսօր եւ ինչո՞ւ։Հայերն ի վերջոյ խելացի՞ են։⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է երգչուհի, պլոկըր Սօսէ Ալեքսա-Գրիգորեանին հետ։
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #53 | Տիգրան Գաբոյեան. Հալէպ, Արեւմտահայ Գրականութիւն, Սփիւռքի «Անորոշութիւն» 26.10.2025 55хв
    🇸🇾Հալէպէն խոյս տալ եւ խուսափիլ, ի՞նչ պատճառներով եւ ինչո՞ւ։ Հալէպ «նոր վերադարձ»ը բոլոր առումներով տարբեր եղաւ, հինէն եկած կապուածութիւնը վերակենդանացաւ։ «Ես խղճացի Հալէպ»ին. ըսաւ մեր հիւրը։ Վերջին գրողները արեւմտահայ գրականութեան. ինչո՞ւ վերջին։ Հայաստանի մէջ գիտե՞ն արեւմտահայ գրականութեան մասին։ 🇺🇸Լոս Անճըլըս. «նոր յո՞յս», թէ՞ «նոր իրավիճակ։ 🇦🇲Երեւանի մէջ «Արեւմտահայկական ճաշարա՞ն», թէ՞ «Արեւմտահայերէն դպրոց»։ Սփիւռքը պատրա՞ստ է Հայաստանին իր «տոլարներ»ը տալու։ Ի՞նչ է «Պարոն սփիւռք»ի ուզածը այսօր։ Հզօր սփիւռք մը ի՞նչ պիտի տայ Հայաստանին։ Հայաստանն ի վերջոյ ինչքա՞ն ժամանակի մէջ կը դառնայ հզօր երկիր եւ հզօր պետութիւն։ ⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ հալէպահայ բանաստեղծ եւ լրագրող՝ Տիգրան Գաբոյեանի հետ։
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #52 | Հրայր Զաքարեան | Փօլ Պաղտատլեան, Ատիս, Հայ Երգի «Ոսկեայ Օրեր», Լիբանան 17.10.2025 39хв
    🇸🇾🇱🇧🇺🇸Գամիշլիէն Պէյրութ եւ Պէյրութէն Միացեալ Նահանգներ. Դժուար ճանապարհ եւ հայու ճակատագիր 🎼Հայ երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը կիրք է խորքին մէջ։Ի՞նչ միջոցներով Հրայր Զաքարեան մեծ յաջողութիւններու հասաւ։🇱🇧Լիբանանի վիճակը ծանր է այս օրերուն, սակայն գաղութը կը շարունակէ ապրիլ…🇺🇸Որո՞ւ կը հեռաձայնէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։Հայ երգի վիճակը անմխիթա՞ր է։Փօլ Պաղտատլեանը եւ Ատիսը կերտեցին արդի երգի «Ոսկեայ տոմար»-ը։🇦🇲Ո՞ւր սխալեցաւ հայութիւնը եւ ի վերջոյ՝ ինչո՞ւ պատրաստ չէինք Արցախի պատերազմին։⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է մշակութային գործիչ, կազմակերպիչ՝ Հրայր Զաքարեանին հետ։
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #51 | Կարօ Պուլտուքեանը՝ Սիկարի Մշակոյթին Եւ Garo Cigars-ի Մասին 06.10.2025 48хв
    Քալել, անվերջ քալել. Քալելը միայն ապրելաոճ չէ, այլ՝ տարերք։🇺🇸Ի՞նչ պայմաններու տակ ան հասաւ Միացեալ Նահանգներ ու նաեւ՝ Հարաւային Ամերիկա 🚬Սիկարի հանդէպ հետաքրքրութիւնը ուրկէ՞ կու գար։Սիկար ծխելը, ըստ անոր, վատ սովորութիւն մը չէ, այլ՝ կենսակերպ։Սիկարը նաեւ ապրումի, յաջողութեան եւ բարեկեցութեան խորհրդանիշ է։👨‍⚕Հոգեբանի երթալու փոխարէն, կարելի է նաեւ սիկար մը վայելել։Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ պայմաններու ներքոյ Կարօ Պուլտուքեանին յաջողուեցաւ ստեղծել ՝ Garo Cigars-ը։⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է ապրանքանիշի տէր, հանրայայտ բժիշկ՝ Կարօ Պուլտուքեանին հետ։

Популярний у

Цей подкаст також потрапляв у чарти подкастів у цих країнах.